2013-12-13 11:21:48

Սուրբ Ծնունդի տօնածառի եւ մսուրի բացում` Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։


1982 թուականէն սկսեալ, Սուրբ Ծնունդի տօնի առթիւ, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կը զետեղուի Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող՝ հսկայական մսուր եւ կաղանդի տօնածառ մը։
2013-ի տօնածառը նուէր է Գերմանիոյ Վալտմուխէն քաղաքին, ուրբաթ, 13 դեկտեմբերի յետեմիջօրէի ժամը 16,30-ին, սուրբ Պետրոսի հրապարկի վրայ, տեղի պիտի ունենայ տօնածառի լոյսերու վառումի արարողութիւնը ներկայութեամբ` Վատիկանի Քաղաքեպետարանի նախագահ՝ Կարտինալ Ճուզէփփէ Պերդելլոյի եւ Վատիկանի Քաղաքաեպետարանի Քարտուղար՝ Արքեպիսկոպոս Ֆէրնանտօ Վէրկէզ Ալծակայի ինչպէս նաեւ գերմանիայէն ժամանած ուխտաւորներ առաջնորդութեամբ թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Րուտոլֆ ՎոտէրհոլզէրիՊավարիայի կառավարութեան որպէս ներկայացուցիչ արարողութեան կը մասնկացի Եւրոպայի հետ յարաբերիութիւններու եւ գաւառային կապերու նախարար Տիրա Պէադէ Մէրք իսկ դաշնակցային գերմանիոյ կառավարութեան որպէս ներկայացուցիչ ներկայ կը գտնուի Պաշտպանութեան նախարարը Տիար Քրիստեան Շմիտ։
Յայտնենք որ ծառին բարձրութիւնն է 25 մեթր իսկ լայնքը գրեթէ 1 մեթր։
Իսկ գալով Մսուրին` անոր բացման արարողութիւնը նախատեսուած է 24 դեկտեմբերին ՝ Ճրագալոյցի պատարագէն առաջ։ 2013ի մսուրը՝ նուէր է Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի հռչակաւոր Գանդոնէ եւ Գոսդապիլէ արուեստանոցին։ Մսուրը ունի որպէս տարածք 7ով 12 մեթր։







All the contents on this site are copyrighted ©.